Այն երիտասարդը, որ հայկական անձնագիր կը կրէ, պէտք է ծառայէ Հայոց բանակին մէջ. Տօքթ. Ռաֆֆի Ճանէցեան

2020/07/23

«Արեւելք»ի հարցումներուն կը պատասխանէ հալէպահայ եւ երկար ժամանակէ ի վեր Հայաստան հաստատուած բժիշկ Ռաֆֆի Ճանէցեան:

-Վերջերս տեղեկութիւններ տարածուեցան, ըստ որոնց, Անգարա կը փորձէ գումարի դիմաց իսլամիստ զինեալներ հաւաքագրել, զանոնք Ատրպէյճան ուղարկելու համար: Իսկապէս մտահոգի՞չ է այս լուրը , թէ՞ սա միայն տեղեկատուական պատերազմի ծիրին մէջ եղող տեղեկութեան արտահոսք է, ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք իրավիճակը:

Ես կը կարծեմ, որ քանի որ Թուրքիոյ համար բոլոր այս մեթոտը, այսինքն վարձկաններու եւ իսլամիստներու օգտագործումը ցանկացած հարցի վերաբերեալ ընդունուած է, ինչպէս ալ ըրաւ Սուրիոյ պարագային,  կը հաւատամ եւ կը սպասեմ, որ այդպիսի քայլ , օր մը օրանց, կրնայ իրականացնել նաեւ Հայաստանի դէմ: Հետեւաբար, այն ինչ որ լրատուամիջոցներուն մէջ արծարծուեցաւ, կրնայ իրականութիւն դառնալ, թերեւս ոչ հիմա,  սակայն  չէ բացառուած, որ օր մը օրանց այդպիսի բան կատարուի։  Այդպէս կը կարծեմ, որովհետեւ, ինչպէս  նշեցի,  այդ զէնքը մէկ անգամ օգտագործած է Թուրքիան եւ յաջողած է, հետեւաբար դժուարութիւն չի ներկայացներ  իսլամիստական ուժերու օգտագործումը յատկապէս քրիստոնեաներու դէմ:  Այդ   «զէնք»ը աշխատող զէնք է եւ, կը կարծեմ, կրնայ կիրառել:

-Այս բոլորը   հաշուի առնելով արդեօք մենք որպէս հայեր պէ՞տք չէ նաեւ իսլամական աշխարհին իրավիճակը բացատրելու փորձով հանդէս գանք, որ մենք քրիստոնեայ-իսլամ պատերազմ չէ որ կը մղենք: Ի՞նչ է ձեր կարծիքը այս խնդրի վերաբերեալ:

Այո, մենք պէտք է  այդպիսի բացատրողական  քայլերու  դիմենք,  ուղղուած իսլամական, եւ առաւելաբար արաբական աշխարհին, քանի որ     այդ երկիրներուն մէջ  մեծ հնարաւորութիւններ  ունինք։ Պէտք է  նաեւ բացատրենք,  որ  Արցախեան հիմնախնդրի էութիւնը եւ  ինքնորոշման հարցը, պատմական իրողութիւն է,  եւ առաւել եւս այն, որ այս մէկը կրօնական ենթահող չունեցող հակամարտութիւն է: Այդ մասին ի հարկէ հնարաւորինս պէտք է բարձրաձայնենք ե՛ւ կուսակցական, եւ կրօնական հաւաքներու, հանդիպումներու, ե՛ւ բոլոր այն միջազգային գիտաժողովներուն, որոնց մենք մասնակցութիւն կրնանք ունենալ: Սա միջոց է, որպէսզի սեպ չխրուի իսլամական, կամ աւելի ճիշդ, արաբական աշխարհի եւ Հայաստանի միջեւ: Եւ կը կարծեմ մինչեւ հիմա այդպէս ալ եղած է, այսինքն արաբական աշխարհը հասկցած է, որ  այս  հակամարտութիւնը  երբեք    կրօնական   բնոյթ  մը չունի։

- Եթէ պատահի, որ այդ տեղեկութիւնները ճիշդ ըլլան, թրքական այս փորձին, նկրտումներուն դիմաց ինչպէ՞ս պէտք է վարուինք մենք, ի՞նչ ունի ընելիք հայկական սփիւռքը այս առումով, ինչպէ՞ս պէտք է շարժինք, ի՞նչ քայլերու կրնանք դիմել՝ հակազդելու եւ հաւասարակշռութիւն ստեղծելու համար:

Պարզ է, որ այն պետութիւնը կամ երկիրը, որուն բնակչութեան կամ ժողովուրդին 70 տոկոսը սփիւռքի մէջ կ'ապրի, խնդիր ունի, որովհետեւ մարդուժի եւ կռուողի կարիք ունի: Ի հարկէ, եթէ յանկարծ այդպիսի բան պատահի, որ իսլամիստներ կամ վարձկաններ ուղարկուին եւ լայնածաւալ օգտագործման դրուին Արցախեան պատերազմին մէջ, մենք մեծ ընելիք ունինք ամբողջ հայութեան ուժերը հաւաքագրելու եւ մեծ բանակ կազմելու առումով: Մեծ բանակ ըսելով, թուային առումով, ես ճիշդ թիւ չեմ կրնար նշել, բայց կը կարծեմ, որ այդ բանակին պէտք է գոնէ 5-10 հազար կռուող հաւաքագրենք, ի հարկէ շատ մեծ թիւ է ասիկա, որովհետեւ մենք արցախեան պատերազմի ժամանակ նոյնիսկ, սփիւռքեան մասնակցութեան իմաստով, այսպիսի թիւ չենք ունեցած։ Արցախեան պատերազմը տեղի ունեցաւ 30 տարի առաջ, իսկ հիմա իրավիճակը այլ է, եթէ կարիք ըլլայ, մենք պէտք է հիմակուընէ այդ  գործընթացները  մշակենք եւ մեր առաջ դրուած  խնդիրը  կատարենք։

-Արդեօք սփիւռքի մէջ հայրենասիրութեան մղումները այսօր իրատեսակա՞ն են, պարարտ հողի վրա՞յ են, անկե՞ղծ են, թէ՞ ընդհանրապէս ձեւական են:  Դուք ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք ընդհանուր սփիւռքի մօտեցումը:

Ի հարկէ, Սփիւռքը իր մասնակցութիւնը ունեցած է Հայաստանի անկախութեան եւ, ինչու չէ, նաեւ պատերազմին, ըլլայ այն նիւթական, հոգեբանական, կամ, որոշ պարագաներու անձնապէս մասնակցութեամբ, բայց ես ամէն պարագայի այդ մասնակցութիւնը կը գնահատեմ թերի: Այդ պարարտ հողը ստեղծելու համար լուրջ աշխատանք պէտք է տարուի ե՛ւ աւանդական կուսակցութիւններու կողմէն, ե՛ւ ՀՀ դեսպանատուներու, ե՛ւ Հայաստանի ներկայացուցիչներուն կողմէն, որոնք պէտք է բացատրեն գոյութիւն ունեցող իրական խնդիրը. որովհետեւ իսկապէս տարիներ եղան, որ մեր բանակը քանակապէս կրճատուեցաւ, ծնելիութեան պակասի պատճառով, եւ մենք իսկապէս կարիքը ունինք համալրելու մեր բանակը ու  նաեւ բանակին ծառայող գիտական ներուժը: Այս իմաստով, գիտենք նաեւ, որ դժուար է սփիւռքահայուն գալ Հայաստան, ապրիլ կամ ծառայել այստեղ, բայց միւս կողմէն Հայաստանի կառավարութիւնը պէտք է այնպիսի պայմաններ ստեղծէ, որ օրինակ, գոնէ երիտասարդները գան եւ բանակի ծառայութիւն անցընեն, թերեւս խորհրդանշական 6 ամիսով, կամ մինչեւ մէկ տարի ժամկէտով, բայց անպայման զինուորական շրջան մը անցընեն եւ պիտանի ըլլան ծառայութեան: Այն մարդը, որ Հայաստանի անձնագիր կը կրէ, պէտք է նաեւ ծառայէ Հայոց բանակին: Սա մեր ճանապարհն է յաղթանակի, ուրիշ ճանապարհ ես չեմ տեսներ:

 

Սկզբնաղբյուր՝ arevelk.am